2016-04-30 11:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապ զինեալ ուժերուն` ''Եղէք հաշտութիւն ու խաղաղութիւն սերմանողներ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 30 ապրիլ 2016-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած յոբելենական հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին,  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Իտալիոյ Թիրեսթէ թեմին հաւատացեալները այնպէս ինչպէս աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած զինեալ ուժերու եւ ոստիկանութեան անդամներ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղել այս վերջիններուն որոնք Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանի առթիւ ուխտագնացութեամբ եկած են Հռոմ։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ անոնց առաքելութիւնն է ապահովել անվտանգ միջավայր մը, որպէսզի ամէն մէկ քաղաքացի կարենայ ապրիլ խաղաղութեան ու համերաշխութեան մէջ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց զանոնք ըլլալ հաշտութեան գործիքներ, կամուրջներ կառուցողներ եւ խաղաղութիւն սերմանողներ։ Դուք կանչուած էք ոչ միայն կանխարգիլելու, կարգաւորելու եւ վերջ դնելու հակամարտութիւններուն, այլեւ սատարելու ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ եւ ազատութեան վրայ հիմնուած համաշխարհային կարգի մը, այնպէս ինչպէս հաստատած էր Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ ''Խաղաղութիւն Երկրի վրայ'' հրապարակած շրջաբերական թուղթին մէջ։

Խաղաղութեան հաստատումը դիւրին գործ մը չէ, նա մանաւանդ պատերազմի պատճառաւ, որ սրտերը կը կարծրացնէ եւ բռնութիւն ու ատելութիւն կը յառաջացնէ։

Կը խրախուսեմ ձեզ որ չի վհատիք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ու հրաւիրեց զանոնք շարունակելու հաւատքի ընթացքը ու իրենց սրտերը բանալու Ողորմած Հօր Աստուծոյ որ ''երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ''։

Ամէնօրեայ մարտահրաւէրներուն դիմաց, ցոլացուցէք քրիստոնէական յոյսը, որ է ստուգութիւն` ատելութեան դէմ սիրոյ եւ պատերազմի դէմ խաղաղութեան յաղթանակին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.